ԹԵՀՐԱՆ, «Պի.Պի.Սի».- Իրանի մէջ, Ուրբաթ, 21 Փետրուարին տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ, որոնցմէ առաջ երկրին գերագոյն ղեկավար այաթոլլահ Ալի Խամենէի կոչ ըրած էր քաղաքացիներուն, որ քուէարկեն՝ նկատի ունենալով «Իրանի ազգային ապահովութեան երաշխաւորումը»։ Խորհրդարանի 290 աթոռներուն համար կը պայքարէին մօտաւորապէս 7000 թեկնածուներ:
Ընտրութիւնները առաջինն էին, որ տեղի ունեցան Իրանի հիւլէական միջազգային համաձայնութենէն քաշուելու ամերիկան որոշումէն եւ խստացուած պատժամիջոցներէն ետք։ Մեծ թիւով մասնակցութեան հետեւանքով, ընտրութիւնները երկու անգամ երկուքական ժամով երկարաձգուեցան։
Չափաւորական քանի մը հազար թեկնածուներու արձանագրութիւնը մերժուած էր, եւ թեկնածուներուն նկատելի մեծամասնութիւնը պահպանողականներ են, որուն հետեւանքով կ՛ակնկալուի պահպանողականներուն դիրքերուն զօրացումը նոր խորհրդարանին մէջ, եւ չափաւորական նախագահ Հասան Ռոհանիի համախոհներուն տկարացումը։
Պահպանողկաններուն դիրքերուն զօրացման նպաստեց նաեւ ամերիկեան ուժերուն կողմէ զօր. Քասեմ Սոլէյմանիի ահաբեկումը։