ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Միացեալ Նահանգներու գաղտնի սպասարկութեանց ներկայացուցիչները Ներկայացուցիչներու տան Լրաքաղութեան յանձնախումբին վկայութիւններ տուին՝ ազդարարելով, որ 2016ի նախագահական ընտրութիւններուն օրինակով, Ռուսիոյ իշխանութիւնները արդէն իսկ գործի անցած են՝ իրենց կնիքը դնելու համար 2020ի նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքին վրայ։
Գաղտնի սպասարկութիւններուն ապահոված տեղեկութիւններուն համաձայն՝ Մոսկուա ամէն ջանք կը թափէ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վերընտրութիւնը ապահովելու համար։
«Նիւ Եորք Թայմզ»ը կը հաղորդէ, որ Թրամփ այս լուրին սպրդումէն զայրացած է եւ քննադատած է յատկապէս այն իրողութիւնը, որ գաղտի սպասարկութիւններուն վկայութիւններուն ներկայացումը ունկնդրած է նաեւ քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, որուն գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած էր Թրամփը պաշտօնազրկելու արշաւը։