ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, 23 Փետրուարին տեղի ունեցաւ նախարարութեան ղեկավար կազմի հանդիպումը Հայ Դատի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Այս մասին կը հաղորդեն նախարարութենէն։
Ողջունելով յանձնախումբերու ներկայացուցիչները՝ նախարար Մնացականեան բարձր գնահատեց կայացումը նման ձեւաչափով հանդիպման, որ իր նպաստը պիտի բերէ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր սկզբունքներէն մէկուն՝ համահայկականութեան արդիւնաւէտ իրականացման: Նախարարը նաեւ յայտնեց, թէ ինք համոզուած է, որ նման ձեւաչափով հանդիպումները կը կրեն պարբերական բնոյթ եւ կը նպաստեն Հայաստանի եւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու համագործակցութեան ձեւաւորման եւ ամրապնդման:
Արտաքին գործոց նախարարը հանդիպման մասնակցողներուն ներկայացուց Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները եւ գերակայութիւնները, տարածաշրջանային եւ միջազգային օրակարգի հրատապ հարցերու շուրջ Հայաստանի դիրքորոշումը եւ անոնց հասցէագրման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը:
Հանգամանալից կերպով միտքեր փոխանակուեցան համահայկական օրակարգի՝ ղարաբաղեան տագնապի, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ: