ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն».- 23 Փետրուարին, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները կրակ բացին Հայաստանի զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ, եւ անոր պատճառով հայ զինուոր մը վիրաւորուեցաւ: Այս մասին «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:
Զինուորը թեթեւօրէն վիրաւորուած է, անոր կեանքին վտանգ չի սպառնար: Հայկական զինուած ուժերու ստորաբաժանումներու պատասխան կրակէն ետք ատրպէյճանական կրակը դադրած է։