ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան ծանրաբարձութեան միջազգային դաշնակցութեան «Տարուան լաւագոյն ծանրաբարձի» դասաւորման մէջ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
«Այ.Պի.Էֆ.» միջազգային դաշնակցութեան կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Մարտիրոսեան ապահովեց 5.514 ձայն:
Առաջին դիրքին վրայ է աշխարհի, Եւրոպայի եւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան, վրացի Լաշա Թալախաձէ (17,084 ձայն):
Նշենք, որ 2019ին Մարտիրոսեան հանդիսացած էր աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան: