ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ ստորագրուած հրամանագիրով զօրավար Կարէն Աբրահամեան դադրեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար–պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի պաշտօնը վարելէ:
Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն յայտնեցին, որ նախագահ Բակօ Սահակեանի ստորագրած այլ հրամանագիրով զօր. Ջալալ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար-պաշտպանութեան բանակի հրամանատար։
Նշենք, որ Ջալալ Յարութիւնեան կը վարէր Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի առաջին փոխհրամանատարի եւ ղեկավարման մարմինի պետի պաշտօնը: