ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 24 Փետրուարին գումարուած «Քորոնա» ժահրի կանխարգիլման յանձնաժողովի նիստին որոշում տրուեցաւ դադրեցնելու ցամաքային հաղորդակցութիւնը Իրանի հետ, իսկ օդային հաղորդակցութեան նկատմամբ կիրարկել ոչ-ամբողջական սահմանափակումներ:
Նիստէն ետք «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ այս մասին գրեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։
Կառավարութեան որոշումին մէջ կը նշուի, որ Իրանի հետ բեռնափոխադրութիւնները առանց սահմանափակումներու պիտի շարունակուին, վարորդները հսկողութեան պիտի ենթարկուին, նաեւ որոշուեցաւ որեւէ սահմանափակում չդնել Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Իրանի Հանրապետութեան քաղաքացիներու՝ հայրենիք վերադառնալու համար: Լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ երկու շաբթուան ընթացքին բարեկամ Իրանի կառավարութեան հետ Հայաստան սերտ հաղորդակցութեան մէջ պիտի ըլլայ, պիտի ամբողջացնէ տեղեկութիւնները Իրանի մէջ ժահրի տարածման ծաւալներուն վերաբերեալ՝ ճշդելու համար յառաջիկայ քայլերը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրառում կատարած է Իրանի մէջ ժահրի տարածման մասին. «Հարեւան Իրանում կորոնավիրուսի տարածումը մտահոգիչ է: Հայաստանը քայլեր է ձեռնարկել վիրուսի տարածումը կանխարգելելու, եւ սերտօրէն աշխատում է իր բարեկամ Իրանի հետ՝ այս վտանգը միասին յաղթահարելու համար»։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Աննա Նաղդալեան դիտել տուաւ, որ Իրանի մէջ «Քորոնա»ի տարածման լոյսին տակ, Հայաստանի դեսպանութիւն դիմած են Հայաստանի 35 քաղաքացիներ, որոնց կարգին նաեւ երկքաղաքացիութիւն ունեցողներ: «Դեսպանութիւնը մշտական կապի մէջ է Հայաստանի քաղաքացիների հետ եւ ձեռնարկում է բոլոր անհրաժեշտ քայլերը Հայաստանի քաղաքացիների կողմից բարձրացուող հարցերի արագ հասցէագրման ուղղութեամբ», նշեց Նաղդալեան: