ՊԱՔՈՒ.- Հունգարիա մտադիր է 2023էն սկսեալ ատրպէյճանական կազ ներածել, կը հաղորդէ «Ինթերֆաքս» ատրպէյճանական ծառայութիւնը, նշելով, որ այս մասին յայտարարութիւն մը կատարուած է Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած Ատրպէյճան-Հունգարիա միջկառավարական յանձնախումբի ժողովին ընթացքին, Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոյի կողմէ:
Նման ներածումներ կարելի պիտի ըլլան «Հարաւային կազային միջանցք»ին միջոցով, որուն շինարարութիւնը պիտի աւարտի մօտ ատենէն:
Յիշեցնենք, որ Հունգարիա Օգոստոս 2012ին Պաքուի յանձնած էր մարդասպան ատրպէյճանցի Ռամիլ Սաֆարովը, որ 2004ին կացինահարած էր հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը: Սաֆարով դատապարտուած էր ցկեանս բանտարկութեան, սակայն Հունգարիոյ իշխանութիւնները զինք յանձնեցին Պաքուին, ուր ան անմիջապէս համաներում ու վարձատրութիւն ստացաւ եւ դարձաւ ազգային հերոս: