ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Կիրակի, 23 Փետրուարին, Թուրքիոյ սահմանակից Իրանի Խոյ շրջանին մէջ պատահած 5.8 աստիճանի երկրաշարժին հետեւանքով մօտաւորապէս 104 իրանցիներ վիրաւորուեցան։ Նոյն երկրաշարժը զգացուեցաւ նաեւ Վանի եւ Հայաստանի մէջ։ Վանի մէջ ցնցումին հետեւանքով տուներ փլատակի վերածուեցան եւ մահացան առնուազն 9 անձեր, իսկ մօտաւորապէս 50 ուրիշներ վիրաւորուեցան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.