ՌԱԶՄԻԿ ՇԻՐԻՆԵԱՆ
Հայ ժողովուրդի եւ յատկապէս հայ երիտասարդութեան բնական կեանքին ու միտքին մէջ սերտաճող քաղաքական ժամանակակից մտածողութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնները մեծ մասամբ անտեսուած կը մնան մեր քննարկումներուն ու որոշումներուն մէջ: Երկուքն ալ, թէ՛ սովորական քաղաքացին եւ թէ ուսանողը գործօն դերակատարներ են, հետեւաբար, հայրենի համակարգին հետ իրենց յարաբերութիւնները քսանմէկերորդ դարու քաղաքական զարգացման նոր տարածքներ կը հարթեն անպայման:
Դժբախտաբար, սակայն, հայ ժողովուրդի առաջնորդ քաղաքական մտածողութիւնը տակաւին չէ բիւրեղացած գալիք սերունդներուն եւ յատկապէս ուսանող երիտասարդութեան դատաստանին առջեւ դիմանալու համար: Ունինք փոքր հայրենիք մը, զոր պէտք է պահենք ու զարգացնենք, բայց շեղած ենք մեր հիմնական օրակարգէն եւ կեդրոնացած ենք իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններու ժխորին մէջ: Թէ՛ կրթական համակարգի եւ թէ դատական համակարգի մեր հարցերը խորքին մէջ ոչ մէկ կապ ունին երկրի քաղաքական զարգացման ենթակառոյցին հետ:
Այն, ինչը հարիւր-երեսունամեայ կուսակցութիւն մը կը կատարէ իր արժէքներու ուժաբանական ներկայութեան համար, նոր սերունդին նկատմամբ նոյն ազդեցութիւնն ու արդիւնքը չստանար: Կարելի չէ ընկերային կամ քաղաքական միտքի սլացքը կանոնակարգել ու առարկայական նեղ արահետներէն առաջնորդել: Նայեցէք, օրինակ, Դաշնակցական միտքին այսօր, որ խորքին մէջ քաղաքական եւ գաղափարական լայն պաշարով զինուած է, բայց անջատուած կը մնայ քաղաքական եւ կազմակերպական դէպքերու խոր քննարկումներէն, հետեւաբար նաեւ հեռու կը մնայ երկրի բնական ու ենթակառոյցի զարգացման սովորական կեանքէն, ու կը մերժէ քննական կամ քննադատական այն միտքերը, որոնցմով կրնայ սնանիլ կուսակցութիւնը եւ որոնց ուղղութիւն ու շեշտ կու տայ իր կարգին:
Բնականաբար, ներկայ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն յարաբերութիւններուն մէջ պարփակուած մնալով՝ կը դժուարանանք ուժ տալ քաղաքական մեր իմացականութեան ու ընդլայնել կենցաղային զարգացման տարածքները, որովհետեւ կը շեղինք պետականութիւն կառուցելու մեր օրակարգէն եւ ներամփոփ ու ներոյժ ազգային-քաղաքական զարգացումներուն սլացք տալու մեր ճիգերէն:
Հետեւաբար նաեւ, հայրենի մեր ժողովուրդին քաղաքական կենցաղը դժուար կրնայ հաստատուիլ եւ տեւել ժամանակին հետ: Պարտուած կը մնանք քաղաքական ուժաբանական յարաբերերութիւններուն մէջ ու տակաւին կը դժուարանանք ընդունիլ, որ հայ ժողովուրդի քաղաքականացման թշնամիներէն հիմնականը թէ՛ իշխանութեան եւ թէ կուսակցական կազմակերպական սահմանափակումները եղած են:
Այնպէս կը թուի, թէ դաշնակցական քաղաքական վարքագիծը յանձնուած է այս թշնամիին եւ, հետեւաբար, ետ մնացած են քաղաքական մեր զգայնութիւնը, գիտակցութիւնը, քաղաքական հոտառութիւնը եւ հայրենի զարգացման վարքագիծը: Մեր թերթերը լեցուն են այլամերժութիւններով, ինքնարդարացումներով եւ ընդդիմադիրի կամ իշխանամէտի ձեւակերպումներով: Անտեսուած է ժողովուրդը իր առօրեայ մտահոգութիւններուն մէջ՝ երկիրը լքելու կամ երկիր մնալու ու ապրելու տանջանքին մէջ: Ճիշդ այնպէս, ինչպէս անտեսուած են անօթի ընտանիքները, որբ երեխաները եւ կենցաղային անհրաժեշտութիւններէ զուրկ գիւղացին:
Քաղաքական գործին մէջ կան նուիրական առաքելութիւններ եւ իշխանութեան կամ կուսակցութեան մը առաջնահերթ պարտաւորութիւնն է արժեւորել զանոնք ու հանրութեան սեփականութիւնը դարձնել: Նուիրական առաքելութիւն է, օրինակ, ենթակառուցային կեանքի զարգացումը, քաղաքացիին ազատ կեանքին հարազատութիւնը պետականութեան հետ կամ իշխանութիւն-ժողովուրդ բնիկ եւ օրկանական շաղկապուածութեան վարքագիծի մը հաստատումը: Դժբախտաբար սակայն, տակաւին կը կարծենք, որ քաղաքականութիւնը պայքար է իշխանութեան հասնելու համար կամ տիրապետողի դիրք բռնել՝ քաղաքական վարքագիծի մեր տրամաբանութեան մէջ:
Քաղաքականութիւն ըսուածը պարզ ու յստակ, պետականութեան ներաշխարհին հետ շաղկապուած քաղաքական եւ գիւղական սովորական կեանքն է: Հետեւաբար, ժողովուրդն է քաղաքականութեան տէրը, իսկ քաղաքական զարգացումը՝ այդ կեանքին հաճոյքն ու հմայքն է ժողովուրդին համար: Դժբախտաբար սակայն, մեր առօրեան եղած է ընդդիմանալու եւ իշխանութեան դիրքեր գրաւելու պայքար, որ կործանող դեր ունեցած է քաղաքականացման մեր միտքին ու կեանքին մէջ:
Բարեբախտաբար, Հայաստանի մէջ կայ նաեւ այս երեւոյթին հակադիր տեսակը: Այսինքն, կան զարգացման միտք արտայայտող կարծիքներ, ելոյթներ կամ յօդուածներ, որոնք լայն կը բանան քաղաքականացած անհատին ու յատկապէս երիտասարդին զարգացման դռները, կը ծանօթացնեն մեզի քաղաքականացած հայ անհատին միտքին, այսինքն այն միտքին, որ մօտէն կապուած է պետականութեան խորքին, զարգանալու ձգտումին եւ հետեւաբար կառուցող է ու կապուած կը մնայ սովորական անհատի առօրեայ կեանքին, յարանորոգ ապրումներուն եւ մարդկութեան հանդէպ անխախտ հաւատքներուն: Խորքին մէջ, Դաշնակցական միտքեր են ասոնք յաճախ, եւ քաջ կը գիտակցին, որ քաղաքական զարգացումը դուրս կու գայ կազմակերպական կանոնագրումներէն ու կը բխի դաշնակցականութեան նկարագիրէն, գաղափարական ուժգնութենէն, հայրենի քաղաքական զարգացման ենթակառուցային ըմբռնողութենէն:
Հետեւաբար, եթէ կուսակցութիւն մը մաս պիտի կազմէ երկրի քաղաքականութեան՝ ապա ընկերային-բնականութեան իր դատողութեամբ միայն, ու առաջին հերթին ժողովուրդին միանայ իր օրակարգով եւ գործունէութեամբ եւ դէմ դնէ իշխանութեան այլամերժութեան ախտին: Վերջին հաշուով, ընդունինք, որ քաղաքականացած է հայրենի ժողովուրդը, որովհետեւ բնականացած իր կեանքը կ՛ապրի հայրենի առօրեային մէջ:
Կեանք մը, որ կ՛ընդգրկէ համագործակցութիւնը, կը հարստանայ բազմազանութեամբ եւ տարբերութիւններով, իրար կը խառնէ հինը եւ նորը, կ՛արդիականացնէ աւանդականը եւ սերունդներու միջեւ մտերիմ ու ուժաբանական յարաբերութիւն կը ստեղծէ: Արդ, որքան զբաղած մնանք ընդդիմութիւն-իշխանութիւն պայքարին մէջ, այդքան հեռացած պիտի մնանք հայրենի ժողովուրդի քաղաքական այս կեանքէն:
Razmig,
I totally agree with your analysis . The changes in the party’s bylaws and policies are overdue ….unfortunately this artificial self serving opposition
to anything that comes from the government no matter what and which is blind to the people’s needs and which disregards the youth , their dreams and the future , will only lead to self destruction .
You can’t always rely on your past achievements to build a successful life , you need a vision for the future
and the courage to make changes to adapt to realities
on the ground and to rise above pettiness.
Dear Razmig,
I agree with what you described. I’d like to add. Every dashnagsagan needs to move to Armenia and with better and worst, live here and have its fingerprint influence in the development of this country. We need to increase our number and strengthen our country (Armenia) from within and not from a thousand miles away. This must be the party’s call to its members and not the other way around. Armenia should prosper with its number of people and activities from within. There is an abundance of work and opportunities here as in any other place. Me being a dashnagtsagan and seeing how corruption is being fought it gives me the courage to support him for the betterment of this country. However, one man can not do a lot. We need to increase in number to increase the political circle of the society.