ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ՄԱԿի Մարդկային իրաւանց խորհուրդի 43րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ, 25 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հանդիպումը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին հայ-ռուսական դաշնակցային յարաբերութիւններու երկկողմանի եւ բազմակողմանի օրակարգին վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ մը:
Զօհրապ Մնացականեան եւ Սերկէյ Լաւրով միտքեր փոխանակեցին տարածաշրջանային եւ միջազգային հրատապ շարք մը հարցերու եւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն շուրջ:
Նախարարները անդրադարձան նաեւ Արցախի հարցի գործընթացին: