ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայոց Ցեղասպանութեան համագաղութային յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ այս տարի եւս հայ համայնքը Ապրիլ 24ին միասնաբար պիտի ոգեկոչէ Հայոց Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցը՝ իրականացնելով շարք մը միջոցառումներ:
Գիտակցելով միասնական աշխատանքի ուժին կարեւորութեան, շրջանի կազմակերպութիւնները որոշած են իրենց ջանքերը մէկտեղելով՝ կազմակերպել սրբադասուած նահատակներու յիշատակման արարողութիւն, նոյն ժամանակ պահանջելով արդարութիւն եւ հատուցում:
Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման համագաղութային մարմինին մաս կը կազմեն հետեւեալները՝ Միացեալ հայերու Լոս Անճելըսի խորհուրդը (UACLA), Միացեալ հայ երիտասարդները (UYA) եւ Հայոց Ցեղասպանութեան յանձնախումբը (AGC), որուն մաս կը կազմեն՝ Հայկական Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիները, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, Սոցիալ-Դեմոկրատ Հն-չակեան կուսակցութիւնը, Ռամկավար Ազատական կուսակցութիւնը, Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, Ամերիկայի Հայկական համագումարը, Ամերիկայի Հայկական խորհուրդը, Հայ Իրաւաբանական միութիւնը, Պոլսահայ միութիւնը, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, «Բաց Վէրքեր» կազմակերպութիւնը եւ շարք մը այլ կազմակերպութիւններ:
Միջոցառումները պիտի սկսին ուխտագնացութեամբ՝ դէպի Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան, ուր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ անհատներ ծաղիկներ ու ծաղկեպսակներ պիտի զետեղեն յուշարձանին մօտ եւ պիտի կատարուի հոգեհանգստեան պաշտօն։
Այս տարուան Արդարութեան քայլարշաւը պիտի սկսի Փոքրիկ Հայաստանէն, կ.ա. ժամը 11ին, ուրկէ տասնեակ հազարաւորներ պիտի անցնին Հոլիվուտի մէջէն, Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակի հրապարակէն (Հոլիվուտի եւ Ուեսթըրնի խաչմերուկին), իրենց պահանջատիրութիւնը շեշտելով։
Ապա, տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան առջեւ բողոքի ցոյց, որուն միջոցով համայնքը դարձեալ իր ձայնը պիտի բարձրացնէ եւ կը պահանջէ արդարութիւն եւ վնասուց հատուցում:
Յանձնախումբը կոչ կ՛ընէ համայնքին, որ մեծաթիւ մասնակցութիւն բերէ Ցեղասպանութեան 105րդ տարելիցի ոգեկոչման նուիրուած սոյն հաւաքներուն, որուն ընթացքին պիտի դատապարտուի Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը եւ լուսարձակի տակ պիտի առնուի հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն տիրանալու կարեւորութիւնը:
Այս տարի եւս պիտի տրամադրուին տարբեր կեդրոններէ փոխադրամիջոցներ, որոնց մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ պիտի տրամադրուին յառաջիկային։