ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 3 Մարտին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն սեմին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, խորհրդակցաբար տեղական մասնաճիւղերուն հետ՝ հրապարակեց իրեն զօրակցութիւնը ապահոված թեկնածուներուն ցանկը (https://ancawr.org/2020primaryendorsements)։
«Ընտրութիւններուն մեր համայնքին մեծաթիւ մասնակցութեան ապահովումը կը հանդիսանայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կարեւորագոյն պարտականութիւններէն մէկը, որուն շնորհիւ համայնքին ձայնը աւելի ազդու կերպով կարելի պիտի ըլլայ հասցնել դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական կառավարման մարմիններուն», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան՝ շեշտելով այդ նպատակով հաստատուած «ՀայՎոթց» նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը։
Զօրակցութիւնները հիմնուած են թեկնածուներուն ցարդ տարած հայանպաստ ջանքերուն եւ հայութեան համար առաջնահերթ նկատուող հարցերուն կապակցութեամբ անոնց կեցուածքներուն եւ խոստումներուն հիման վրայ։
Ստորեւ՝ զօրակցութիւն ապահոված թեկնածուներուն ցանկը.
ԴԱՇՆԱԿՑԱՅԻՆ
– Ճուտի Չու՝ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 27րդ ընտրատարածք
– Ճիմ Քոսթա՝ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 16րդ ընտրատարածք
– Աննա Էշու՝ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 18րդ ընտրատարածք
– Թետ Լիու՝ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 33րդ ընտրատարածք
– Լինտա Սանչեզ՝ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 38րդ ընտրատարածք
– Էտըմ Շիֆ՝ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 28րդ ընտրատարածք
– Պրետ Շըրմըն՝ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 30րդ ընտրատարածք
– Քրիսթի Սմիթ՝ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 25րդ ընտրատարածք
– Ճեքի Սփիր՝ Քալիֆորնիոյ քոնկրեսական 14րդ ընտրատարածք
– Էնտրու Ռոմանոֆ՝ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի նախնական ընտրութիւն (Քոլորատօ)
– Տեն Ճանճիկեան՝ Թեքսասի քոնկրեսական 31րդ ընտրատարածք
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԾԵՐԱԿՈՅՏ
– Թոնի Աթքինզ՝ 39րդ ընտրատարածք
– Էնթընի Փորթանթինօ՝ 25րդ ընտրատարածք
– Հենրի Սթըրն՝ 27րդ ընտրատարածք
– Սքաթ Ուինըր՝ 11րդ ընտրատարածք
– Սքաթ Ուիլք՝ 21րդ ընտրատարածք
ՔԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՆԱՀԱՆԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆ
– Մարք Պըրմըն՝ 24րդ ընտրատարածք
– Լիսա Քալտերոն՝ 57րդ ընտրատարածք
– Լօրա Ֆրիտմըն՝ 43րդ ընտրատարածք
– Ճես Կապրիէլ՝ 45րդ ընտրատարածք
– Քրիս Հոլտըն՝ 41րդ ընտրատարածք
– Ատրին Նազարեան՝ 46րդ ընտրատարածք
– Ճիմ Փեթըրսըն՝ 23րդ ընտրատարածք
– Շերըն Քուիրք Սիլվա՝ 65րդ ընտրատարածք
– Էնթընի Ռենտոն՝ 63րդ ընտրատարածք
– Լուզ Ռիվազ՝ 39րդ ընտրատարածք
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ ԳԱՒԱՌ
– Քեթրին Պարկըր՝ Վերահսկիչներու խորհուրդ՝ 5րդ ընտրատարածք
– Ճորճ Կասքոն՝ շրջանային դատախազ
– Էլեն Ասատրեան՝ Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ
– Ինկրիտ Կանըլ՝ Դեմոկրատ կուսակցութեան կեդրոնական վարչութեան անդամ
– Մալքըմ Ճանսըն՝ Դեմոկրատ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ
ՔԱՂԱՔԱՅԻՆ
– Քեւըն Տէ Լէօն՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 14րդ ընտրատարածք
– Փօլ Գրիգորեան՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 2րդ ընտրատարածք
– Ճան Լի՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 12րդ ընտրատարածք
– Տէյվիտ Ռիու՝ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի 4րդ ընտրատարածք
– Փօլա Տիվայն՝ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդ
– Վարդան Կարապետեան՝ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդ
– Արտի Քասախեան՝ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդ
– Լենըրտ Մանուկեան՝ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդ
– Թերի Թորնեք՝ Փասատինայի քաղաքապետ
– Ճօ Պաղտատլեան՝ Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի 4րդ ընտրատարածք
– Թայրըն Հեմփթըն՝ Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի առաջին ընտրատարածք
– Սթիւ Մետիսըն՝ Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի 6րդ ընտրատարածք
– Պօղոս Փաթաթեան՝ Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի 2րդ ընտրատարածք
ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆՆԵՐ ԵՒ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐ
– Սքաթ Սվորքին՝ քոլեճի Քաղաքային համալսարանի հոգաբարձու
– Ճէյմզ Օսթըրլինկ՝ Փասատինայի Քաղաքային քոլեճի հոգաբարձու
– Սեւան Պենլեան՝ Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձու
– Հերի Լիոն՝ Կլենտէյլի Համայնքային քոլեճի հոգաբարձու
– Ճենիֆըր Ֆրիմըն՝ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչական
– Նայիրի Նահապետեան՝ Կլենտէյլի Միացեալ կրթաշրջանի վարչական
– Ճեքի Կոլտպըրկ՝ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչական
– Սքաթ Շմելըրսըն՝ Լոս Անճելըսի Միացեալ կրթաշրջանի վարչական։
Նաեւ, Քոլորատոյի նահանգային խորհրդարանական ընտրութեանց մէջ, Հայ Դատը նեցուկ կը կանգնի Սիմոն Մաղաքեանին՝ 7րդ ընտրատարածք։
Ընտրութեանց մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.sos.ca.gov/elections կայքէջը www.lavote.net կայքը կամ դիմել Հայ Դատին՝ (818) 500-1918 թիւով։