Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մեր գաղութի մշակութային կեանքին մօտէն-հեռուէն հետեւողը վստահաբար անխառն ուրախութեամբ կը նկատէ, որ քանի մը տարիէ ի վեր, Համազգայինի Թատերական միաւորը մնայուն աւանդութիւն մը ստեղծած է ու ճիգ չի խնայեր զայն դէպի վերելք առաջնորդելու։ Միաւորը տարին թատերական գոնէ մէկ գործ բեմ կը հանէ՝ հիմնական հասցէ ունենալով մանուկներն ու պատանիները, դպրոցական աշակերտները, անոնց մէջ սերմանելու համար թատերական մշակոյթի սէրն ու յանձնառութիւնը։ Երէցները անմասն չեն։
Փետրուարի կէսերուն, միաւորը բեմ հանեց «Տէրն Ու Ծառան» խորագրեալ երգախառն ու ծիծաղաշարժ գործ մը, որ հիմնուած է Յովհաննէս Թումանեանի նոյնանուն պատմուածքին վրայ, ենթարկուած՝ որոշ մշակումի։ Այս տողերը չենք արձանագրեր բեմական գործը քննարկելու կամ ըստ էութեան գնահատելու մօտեցումով, թէեւ անիկա արժանի է գնահատումի ու քննարկման, այլ մեր նպատակն է կանգ առնել քանի մը դրական երեւոյթի, իրականութեան վրայ, որոնք խոստումը կը բերեն մեր հորիզոնները լուսաւորելու։
Սկսինք… քուլիսէն։ Միաւորը քով-քովի բերած է փորձառու երէց թատերասէրներ եւ երիտասարդներ, որոնք նոր հրաժեշտ կու տան պատանութեան։ Սա կ՛աւետէ գեղեցիկ սերնդափոխութիւն մը, ազնիւ դրօշարշաւ մը, ուր երիտասարդներ կու գան գործնապէս ըսելու, որ պատրաստ են վեր բռնելու այն դրօշը, որ տասնամեակներ առաջ բարձրացուցած էր այդ օրերու երիտասարդը։ Այս պատկերը իր ցոլացումը կը գտնէ նաեւ բեմին վրայ, որովհետեւ դերակատարներն ալ քանի մը սերունդի ներկայացուցիչ են. կան փորձառու երէցները, կան երիտասարդներ եւ կան պատանիներ։ Հանդիսատեսը կատարողներուն միջեւ տարիքի տարբերութիւն չի տեսներ, այլ կը տեսնէ, որ բոլորը, ամենայն ներդաշնակութեամբ ու տիրական ներկայութեամբ կը կատարեն իրենց դերերը, գործին տալով ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մը կնիքը։ Բնականաբար այս բոլորին մէջ կարեւոր դեր ունին բեմադրիչն ու անոր օգնականները՝ բեմայարդարումը կատարողներ, լոյսի եւ երաժշտութեան խաղերը գործադրողներ, իսկ բեմէն անդին՝ սրահին մէջ աշակերտներու հիւրընկալումը դասաւորողներ։
«Տէրն Ու Ծառան» սիրողական թատերասէրներով՝ առաւելաբար մեր գաղութի ուժերով, բայց արհեստավարժականի մօտեցող բեմադրութիւն մըն էր։ Դերակատարներուն անսայթաք ներկայացումը, գործին պահանջած արագ կշռոյթը եւ նոյնինքն Թումանեանի անուշ զուարթախոհութենէն ճառագայթող ծիծաղաշարժ դէպքերը հանդիսատես աշակերտները ներգրաւեցին լիովին. իրենց աթոռներէն՝ անոնք մասնակից եղան բեմին վրայ զարգացող գործողութեան, մերթ խնդուք պայթեցնելով, յաճախ նաեւ դրական կամ դժգոհանքի բացագանչութիւններ արձակելով, համաձայն՝ չար տիպարի մը զայրոյթ պատճառող արարքին, կամ՝ ձախաւերութեան մը առթած ծիծաղին։
Նախաձեռնութեան բարիքներէն մէկն ալ այն էր, որ մեր բոլոր վարժարաններու աշակերտներուն առիթ տրուած էր ներկայ ըլլալու բեմադրութեան։ Պէտք է գնահատանք արձանագրել թէ՛ տնօրէնութեանց, թէ՛ դաստիարակներուն եւ թէ ծնողներուն, որոնք աշակերտները խումբ-խումբ թատրոն հասցնելը ժամանակի կորուստ չեն նկատած, այլ արդէն համակուած են անոր օգտակարութեամբ։ Այլ խօսքով, յատուկ գնահատանքի եւ ուշադրութեան արժանի է Համազգային-դպրոցներ գեղեցիկ գործակցութիւնը, որ արդէն սկսած է բարի աւանդութեան վերածուելու։
Անպայման որ պէտք է լուսարձակ կեդրոնացնել յարակից իրականութեան մը վրայ. Համազգայինի այս մատուցումները ներգրաւած են խումբ մը պատանիներ, որոնք երէկ, իրենց աշակերտական օրերուն, իրենց դպրոցներուն մէջ մաս կազմած էին դասարանային տրամախօսութեանց եւ ասմունքի մրցումներու։ Ուրեմն, մեր վարժարանները եւ ասմունքի մրցումներ կազմակերպողները կրնան այլապէս գոհունակ զգալ, որ իրենց ցանած սերմերը սկսած են ծլարձակուիլ, կը խոստանան վաղն ալ նորեր ներգրաւել մշակոյթի այս եւ այլ կալուածներու մէջ։ Այլ խօսքով, մեր վաղուան թատրոնին ընձիւղները կարելի է շօշափել այսօր իսկ։ Այս բարիքին մէկ ճիւղաւորումն ալ՝ հայերէնով արտայայտութեան՝ խօսակցութեան աստիճան մը աւելի՛ ընդարձակումն է, այդ ուղղութեամբ գործնական հրաւէր մը անկասկած։
Փակագիծ մը բանալով, կ՛արժէ քանի մը բան ըսել մեր վարժարաններուն մէջ վերջին տարիներուն հետզհետէ աւելի մնայուն ներկայութիւն դարձած թատերական ու ասմունքի ձեռնարկներուն մասին։ Գոհունակութեան առիթ է, որ բազմաթիւ դպրոցներու մէջ աշխատանք կը տարուի դասարանային կամ ակումբային թատերական ներկայացումներու ուղղութեամբ։ Ասիկա չի կատարուիր լոկ ժամանցի համար, այլ մեր դաստիարակները լաւապէս ըմբռնած են, թէ տրամախօսութիւնն ու ասմունքը ինչպիսի՛ կենսական բաժին ունին մանուկ ու պատանի աշակերտները հայերէնին կապելու գործին մէջ։ Այս աշխատանքը ցարդ կը մնայ դպրոցներու «նեղ սահման»ին մէջ, այսինքն, դասարանի մը կողմէ պատրաստուած տրամախօսութիւն մը կը ներկայացուի նոյն դպրոցի կարգ մը դասարաններուն, լաւագոյն պարագային, կը հրաւիրուին ծնողներ։ Որքա՜ն նախընտրելի պիտի ըլլար, որ այս «սեղմ օղակ»ը քիչ մը ընդարձակուէր եւ, օրինակի համար, կազմակերպուէին միջդպրոցական թատերական հանդիպումներ, փառատօներ, ինչպէս է պարագան ասմունքի մրցումներուն։ Նման նախաձեռնութիւն (չենք անտեսեր գործնական դժուարութիւններն ու այլ անյարմարութիւններէ բխող պարտադրանքը) առիթ պիտի տար, որ տարբեր դպրոցներու աշակերտներ դիտէին իրենց նմաններուն բեմական գործերը, ինքնաբերաբար ստեղծուէր ազնիւ մրցակցութեան մթնոլորտ՝ առանց որ ներկայացումները անպայման ունենան մրցումի բնոյթ։ Նման փառատօններ նաեւ հանրութեան առիթ պիտի ընծայէին վկան ըլլալու մանուկներու եւ պատանիներու տաղանդներու ցուցադրման (նոյնը չե՞նք ըներ երգողներու եւ նուագողներու պարագային)։ Փաստօրէն, «Տէրն Ու Ծառան» ներկայացնող պատանիներուն մէջ կարելի է տեսնել այնպիսի տաղանդաւորներ, որոնք վաղը կրնան փայլիլ որեւէ բեմի վրայ, դառնալ լիարժէք արհեստավարժներ։ Այս ալ՝ Թատերական միաւորի ճիգերուն վաղուան պսակումին մէկ նախանշանը։
Վերջապէս, կարեւոր կը նկատենք կանգ առնել նաեւ «քողարկուած» իրականութեան մը վրայ։ Համազգայինի այս նախաձեռնութիւնը կը մարմնաւորէ նաեւ Հայաստան-Արտերկիր օրինակելի գործակցութիւն մը։ Հանդիսատեսը ականատես եղաւ, որ Հայաստանի մէջ երաժշտախառն մշակումի ենթարկուած եւ արեւմտահայերէնի վերածուած գործը կրնայ ներգրաւել թէ՛ խաղացող դերակատարները եւ թէ զանոնք դիտելու եկած հանդիսականները։
Ըսինք՝ այս տողերը չենք արձանագրեր քննական մօտեցումով. նման դիտանկիւնէ՝ կարելի է նշումներ ու նկատողութիւններ արձանագրել, սակայն գործին ամբողջութիւնը նկատի ունենալով, անոնք կը մնան լուսանցքային։ Այսուահանդերձ, ինչպէս բացատրել հանդիսականին տրամադրուող՝ յայտագիր-բացատրականին կողքին վրայ տեղ գտած A musical play in Armenian ու նման բացատրութիւններ՝ միայն անգլերէնով…