ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովի (Ռուսիա), Սթեֆան Վիսքոնթիի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շոֆըրի (Միացեալ Նահանգներ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿի նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ, քննարկելով Արցախի հակամարտութեան լուծում մը գտնելու վերջին ջանքերը:
«Թուիթըր»ի իր էջին վրայ, Չաւուշօղլու այս հանդիպումէն ետք գրեց, թէ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբը պէտք է աւելի արդիւնաւէտ աշխատանք տանի Արցախի հարցին արագ լուծում մը գտնելու համար՝ աւելցնելով, որ հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի «Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան հանդէպ յարգանքով»: