ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հնդկական լրատուամիջոցներ 2 Մարտին հաղորդեցին, որ Հնդկաստան Հայաստանին «Սուաթի» տեսակի 4 «ռատար»ի համակարգեր մատակարարելու 40 միլիոն տոլար արժողութեամբ համաձայնագիր մը կնքեց: Հնդկաստան այս նպատակով յայտարարուած մրցոյթին յաղթեց Ռուսիոյ եւ Լեհաստանին:
Հնդկաստանի կառավարութեան աղբիւրներուն համաձայն՝ հրետանային ռումբերու արձակման վայրը բացայայտող համակարգը մշակուած է Պետական պաշտպանական հետազօտութիւններու եւ զարգացման կազմակերպութեան Պանկալորի տարրալուծարանին կողմէ եւ արտադրուած է Bharat Electronics Limited (BEL)ի կողմէ: Հնդկաստան արդէն սկսած է «ռատար»ին որոշ բաժիններու մատակարարումը Հայաստանին:
Հայաստան մանրամասն կերպով փորձարկած է նաեւ Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի առաջարկած համակարգերը, սակայն ընտրած է հնդկականը:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը, սակայն, առայժմ չէ մեկնաբանած այս մասին հրապարակուած տեղեկութիւնները, սակայն բացայայտ է, որր վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստան-Հնդկաստան յարաբերութիւնները զգալիօրէն սերտացած են: