ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կիրակի, 1 Մարտ 2020ին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ծաղիկներ զետեղուեցան Միասնիկեանի արձանին առջեւ՝ իբրեւ յարգանքի տուրք 1 Մարտ 2008ի դէպքերու զոհերու յիշատակին: Այս մասին կը յայտնեն նախագահին աշխատակազմէն:
Միւս կողմէ, կառավարութեան աշխատակազմէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յարգանքի տուրք մատուցեց Մարտ 1ի զոհերու յիշատակին՝ ծաղկեպսակ զետեղելով Ալեքսանդր Միասնիկեանի արձանին առջեւ:
Մարտ 1ի զոհերու տարելիցին նուիրուած արարողութեան ներկայ եղան նաեւ զոհերուն հարազատները, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ ու կառավարութեան անդամներ:
Նշենք, որ այս առիթով նախա-տեսուած երթը չեղեալ յայտարարուեցաւ Հայաստանի մէջ արձանագրուած «Քոնորա» ժահր ունեցող առաջին պարագային մասին յայտարարուելէ ետք։ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը որոշեց ջնջել երթը։