ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1 Մարտին, «Ֆէյսպուք»ի վրայ տեղադրած իր գրառումով յայտնեց Հայաստանի տարածքին «Քորոնա» ժահրի առաջին հաստատուած դէպքը: Ժահրով վարակուած անձը 29 տարեկան Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի է, տղամարդ, որ կնոջ հետ օդանաւով հասած է 28 Փետրուարին՝ Թեհրանէն: Հիւանդը ինք դիմած է բժիշկի։
2 Մարտին, Հայաստանի վարչապետին գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի մէջ «Քորոնա»ի տարածումը կանխարգիլող աշխատանքները համակարգող յանձնաժողովի նիստը, որուն ընթացքին առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան ներկայացուց Հայաստանի մէջ տիրող կացութիւնը՝ վիճակագրական տուեալներով։ Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ հաստատուած է միայն մէկ անձի վարակման պարագայ, 31 անձերու նկատմամբ կասկած եղած է, այդ պատճառով ալ անոնք մեկուսացուած են, սակայն անոնց վիճակը լաւ է։ Ընդհանուր առմամբ կատարուած են 120 տարրալուծարանային քննութիւններ, որոնց արդիւնքները ժխտական եղած են, միայն մէկ անձի պարագան հաստատուած է։ Պետական սահմաններուն վրայ խիստ հսկողութիւն կը կատարուի, Մեղրիի անցակէտէն եկող բոլոր բեռնատարները կը փոխադրուին առողջապահութեան նախարարութեան մասնագէտներուն եւ ոստիկանութեան ընկերակցութեամբ, Իրանի քաղաքացի վարորդներուն նկատմամբ Հայաստանի ամբողջ տարածքին հսկողութիւն կը կատարուի։
Քննարկուեցան «Քորոնա»ի դէմ պայքարին վերաբերող զանազան մակարդակի աշխատանքները։
Այս առիթով յանձնարարականներ տալէ ետք, վարչապետ Փաշինեան ըսաւ, որ ներկայիս խուճապի վիճակ գոյութիւն չունի։ 2 Մարտին եղած են 9 կասկածելի պարագաներ, որոնց քննութիւններէն ի յայտ եկած է, որ անոնք ժահրով չեն վարակուած։
Վարչապետը նաեւ տեղեկացուց, որ Ծաղկաձորի «Գոլդեն Փալես» պանդոկին մէջ կը գտնուի «Քորոնա» ժահրով վարակակիր անձ մը, նաեւ հոն կը պահուին միւս կասկածելի քաղաքացիները, որոնց առողջական վիճակի բացասական փոփոխութիւն չկայ:
Փաշինեան նաեւ տեղեկացուց, որ Հայաստան պիտի սկսի Իրանի հետ վիզային դրութեան վերականգնման գործընթացին: «Հինգ օրուայ մէջ Իրանի հետ վիզային ռեժիմը կը վերականգնուի: Մշտական հաղորդակցութեան մէջ ենք Իրանի մեր գործընկերների հետ: Մաղթում ենք նրանց յաջողութիւն այս դժուար իրավիճակը յաղթահարելու գործում», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Հայաստան իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ պատրաստ է աջակցելու Իրանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին:
Ըստ անոր՝ այլ ուղղութիւններով հաղորդակցութիւնը պիտի չսահմանափակուի։