ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Ուաշինկթընի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ՝ Կիրակի, 1 Մարտին, բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ատրպէյճանի դեսպանատան առջեւ, շրջանի հայ համայնքին ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ։
Ցուցարարները դատապարտեցին Սումգայիթի, Պաքուի, Կիրովապատի եւ Մարաղայի մէջ տեղի ունեցած ոճրագործութիւնները՝ պահանջելով պատժել մեղաւորները։ Անոնք նաեւ քննադատեցին Պաքուի ներկայ իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ շարունակուող բռնարարքները եւ սպառնալիքները:
Ցոյցին մասնակցողները Արցախի դրօշակին կողքին կը պարզէին իրենց պատգամները բիւրեղացնող գրութիւններ, նոյն ժամանակ նշելով, որ երկարատեւ խաղաղութեան կարելի է հասնիլ միայն յարգելով Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը: Ներկաները նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին, որ Մատրիտեան սկզբունքները ընդունելու հարցով Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն վրայ հետզհետէ աճող ճնշումներուն նկատմամբ։
Ցոյցէն բաժիններ կարելի է դիտել՝ այցելելով www.facebook.com/AYFDC/videos/510458746559263 կայքէջը։
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ Պաքուի սպանդներուն 30ամեակին նուիրուած եւ Քոնկրեսի շէնքին մէջ անցեալ ամիս տեղի ունեցած հաւաքէն ետք եւս, աւելի քան երկվեցեակ մը քոնկրեսականներ յայտարարութիւններ հրապարակելով դատապարատեցին Սումգայիթի, Պաքուի եւ հայերու դէմ Ատրպէյճանի սահմաններէն ներս գործադրուած միւս ջարդերը։