24-28 Փետրուար 2020, Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու համաժողովը։
Համաժողովին մասնակցեցան Հայ Դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէն եւ գրասենեակներէն եւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէն շուրջ 50 ներկայացուցիչներ։
Համաժողովը քննարկեց Հայ Դատի աշխատանքներուն ընթացքը Յունուար 2019էն առ այսօր, լսեց զեկոյցներ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն եւ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին մասին։
Խորհրդաժողովի օրակարգին հիմնական կէտերն էին.
– Հայաստանի ի նպաստ իրազեկման (լոպիինկ) աշխատանքներ.
– Պայքարը Արցախի իրաւական միջազգային ճանաչումին համար եւ Ատրպէյճանի հակահայ քաղաքականութեան դէմ. Արցախի բարեկամներու ցանցի աշխուժացում.
– Աշխատանքներ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին եւ պահանջատիրական պայքարին ուղղութեամբ.
– Ջաւախքի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղութեամբ նախաձեռնութիւններ.
– Նախիջեւանի հայկական ինքնութեան արծարծում միջազգային շրջանակներու մօտ.
– Սեւրի դաշնագիրին եւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանին մասին ուիլսընեան իրաւարար վճիռի 100ամեակի քաղաքական բովանդակութեամբ նշում.
– Մոսկուայի եւ Կարսի դաշնագիրներու 100ամեակ. անոնց հետեւանքները սրբագրելու եւ վերացնելու ձեւերը.
– Սուրիոյ, Լիբանանի, ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան աջակցութիւն (տեղւոյն վրայ եւ Հայաստանի մէջ).
– Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու հնարաւորութիւններու զարգացում։
Համաժողովը իւրաքանչիւր հարցի մասին հանեց համապատասխան եզրակացութիւններ՝ յառաջիկայ գործունէութեան մասին։
Համաժողովը մտահոգութիւն արձանագրեց Արցախի հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման բանակցութիւններու ներկայ փուլին շուրջ ստեղծուած անորոշութիւններուն գծով, եւ շեշտեց կարեւորութիւնը հայկական քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ վերահաստատումին, թէ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը առաջնահերթութիւն է կարգաւորման գործընթացին մէջ։
Համաժողովին ողջոյնի ուղերձով հանդէս եկաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան, որ ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդը պարգեւատրեց «Երախտագիտութիւն» մետալով՝ «Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչմանն ուղղուած ակտիւ (աշխոյժ-Խմբ.) գործունէութեան, Արցախ-Սփիւռք կապերի ամրապնդման ու զարգացման գործում ներդրած նշանակալի աւանդի համար»։ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ստանձնելով մետալը՝ յայտնեց, որ անիկա գնահատականն է ամբողջ Հայ Դատի համակարգի գործունէութեան։
ՀՅԴ ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Երեւան, 29 Փետրուար 2020