ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար, զօր. Արտակ Դաւթեան 9 Մարտին այցելեց հարաւ-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասեր:
Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Զօրավարժարաններէն մէկուն մէջ Հայաստանի բանակի ընդհանուր հրամանատարը հետեւեցաւ կրակային պատրաստութեան հրաձգային համալիր նոր վարժութեան կատարման ընթացքին, տուաւ համապատասխան յանձնարարականներ:
Զօր. Արտակ Դաւթեան այցելեց նաեւ մարտական յենակէտեր, տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ սահմանագօտիի տուեալ հատուածին մէջ գետնի վրայ տիրող իրավիճակին, անձնակազմի ֆիզիքական, մարտական եւ բարոյահոգեբանական պատրաստութեան մակարդակին, մարտական հերթապահութեան կրման պայմաններուն, սահմանագիծին մէջ իրականացուած ճարտարագիտական եւ ամրաշինական աշխատանքներուն: