ԵՐԵՒԱՆ, ՀԱԼԷՊ, «Էրմենիհապեր», «Գանձասար».- Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի խորհրդական Պուսէյնա Շաապան 12 Մարտին Թուրքիան մեղադրեց Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած զինադադարի պայմանները խախտելու յանցանքով:
«Նոյնիսկ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հանդիպումէն ետք Թուրքիոյ կողմէ զինադադարի շարք մը խախտումներ տեղի ունեցան», ըսաւ Շաապան:
Վերջինս նշեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը հաւատարիմ է զինադադարի պայմաններուն։ «Պատրաստ ենք պահպանելու զինադադարը եւ կատարելու մեր ստանձնած պարտաւորութիւնները», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով Սուրիոյ մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններուն՝ Ասատի խորհրդականը ըսաւ, որ ՆԱԹՕն եւ Եւրոպական Միութիւնը պէտք չէ ձեռնածալ մնան եւ պէտք է յստակօրէն դատապարտեն միջազգային իրաւունքներու սկզբունքներուն հակասող Թուրքիոյ արարքները:
«Սուրիա անկախ պետութիւն է, սակայն կը տուժէ Թուրքիոյ բռնարարքներէն եւ միջամտութենէն», եզրակացուց ան:
Միւս կողմէ, ռուսական «Նիզավիսմայա Կազեթա» թերթը տեղեկացուց, որ բոլոր կողմերը, ներառեալ՝ Ռուսիա, յուսահատ են Իտլիպի տագնապի խաղաղ լուծման ջանքերուն գծով: «Թուրքիա Զինադադարը Օգտագործեց Իտլիպի Մէջ Իր Բանակը Տարածելու Համար» խորագիով յօդուածին մէջ, թերթը կը նշէ, որ թրքական վարչակարգը կը շարունակէ իր բանակը Իտլիպ ուղարկել հակառակ Մոսկուայի հետ գոյացած զինադադարի համաձայնութեան: Թերթին համաձայն՝ Թուրքիոյ արարքները անխոհեմ են, որովհետեւ Թուրքիա կարողութիւնը չունի առանձնաբար ճակատներ բանալու դրացի երկիրներու հետ:
Ըստ ռուսական թերթին՝ Անգարա վստահ է, որ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները երկար պիտի չտոկան առանց Թուրքիոյ աջակցութեան եւ ուշ կամ կանուխ անոնց ճակատագիրը սուրիական բանակին հետ դէմ յանդիման գալը պիտի ըլլայ: Թերթին համաձայն՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բանակցելուն նպատակը Սուրիոյ մէջ թրքական ուժերուն զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելը չէ, այլ ժամանակաւոր զինադադար յառաջացնելն է՝ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումները վերստին մարզելու եւ թրքական բանակէն յաւելեալ անդամներ Սուրիա ուղարկելու համար: Թերթը կ՛եզրափակէ՝ գրելով, որ նախորդ շաբթուան ընթացքին Թուրքիա մեծաքանակ եւ մեծածախս զինամթերք սպառած է, միւս կողմէ սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց Իտլիպի մէջ իր զինուորական գործողութիւնները սաստկացնելու մինչեւ նահանգին ամբողջական ազատագրումը:
Իր կարգին, Չեխիոյ խորհրդարանի Ապահովութեան յանձնախումբի անդամ Ռատիք Քոթին յայտնեց, որ Սուրիոյ նկատմամբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի վարած քաղաքականութիւնը ինքնիշխան երկրի մը դէմ թշնամանք է, որովհետեւ ան իրաւունք չունի յարձակելու այլ երկրի մը վրայ: Ան ըսաւ, որ Թուրքիոյ նախագահը տարածաշրջանի եւ Եւրոպայի խաղաղութեան կը սպառնայ, մանաւանդ երբ կը շարունակէ Եւրոպան ընդվզեցնել գաղթականներու հարցով, որպէսզի անիկա եկամուտ ապահովէ Սուրիոյ նկատմամբ իր թշնամական գործընթացին համար: