ՈՂԻՄՊՈՍ, Յունաստան, «Էյ.Փի.».- Հակառակ այն իրողութեան, որ «Քորոնա» ժահրին ստեղծած անորոշութեան հետեւանքով կան կասկածներ, որ 2020ի Թոքիոյի Ողիմպիականները եւս մարզական այլ մրցաշարքներու նման կրնան յետաձգուիլ, 12 Մարտին, այդ խաղերուն ծննդավայրը հանդիսացող Յունաստանի պատմական Ողիմպոս քաղաքին մէջ արեւուն ճառագայթներով վառուեցաւ ողիմպիական ջահը, որ ճամբայ ելաւ դէպի Ճափոն։
Հերայի տաճառին մէջ Ջահը վառելու արարողութիւնը տեղի ունեցաւ առանց հանդիսատեսներու, մինչ Յունաստան նոյն օրը հաղորդեց «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին քաղաքացիին մահուան մասին։
Խաղերը պիտի ունենան 24 Յուլիսէն 9 Օգոստոսի միջեւ։ Աշխարհի 206 երկիրներէ առաւել քան 11,000 մարզիկներ պիտի մրցին 33 մրցաձեւերու մէջ։
Նշենք, որ Թոքիօ 1964ին եւս հիւրընկալած էր Ողիմպիական խաղերը։