ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիա ամերիկեան «Փեթրիըթ» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր պիտի չստանայ, եթէ չվերադարձնէ ռուսական «Էս. 400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի օգնական Ճանըթըն Հաֆմըն:
«Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրի դիրքորոշումը յստակ է անոր նախարար դառնալէն ի վեր: Անիկա հետեւեալն է՝ Թուրքիա «Փեթրիըթ» համակարգեր պիտի չստանայ, այնքան ատեն որ չէ վերադարձուցած «Էս. 400»երը», յայտնեց Հաֆմըն:
Թուրքիա «Փեթրիըթ»ներ ստանալու կարելիութեան շուրջ դարձեալ սկսաւ արտայայտուիլ հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին վրայ իր նորագոյն յարձակումէն ետք։
Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Երեքշաբթի օր յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական «Էս. 400»ներու գնման հարցին մէջ Միացեալ Նահանգներու դիրքորոշումը մեղմացած է: Ըստ անոր, Միացեալ Նահանգները այժմ միայն կը խնդրէ, որ «Էս. 400»ները չօգտագործուին: