ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Հրանդ Տինքի սպանութեան պահուն դէպքին վայրը գտնուելուն պատճառով ձերբակալուած եւ ապա ազատ արձակուած Թուրքիոյ ոստիկանութեան հետախոյզ Շերեֆ Աթեշի դիակը յայտնաբերուեցաւ 12 Մարտին:
Ըստ թրքական մամուլին՝ ան զոհ գացած է զինեալ յարձակումի մը, իր ինքնաշարժին մէջ, իսկ յարձակումը իրականացնողները փախուստի դիմած են:
Յիշեցնենք, որ Աթեշ, որոշ պնդումներու համաձայն, Տինքի սպանութեան պահուն կապի մէջ եղած է սպանութիւնը կազմակերպած եւ իրականացուցած անձերուն հետ։