ԵՐԵՒԱՆ.- ՀՅԴ Բիւրոյի տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի պատասխանատու, տնտեսագէտ Սուրէն Պարսեան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին ազդեցութեան բացասական հետեւանքները մեղմելու նպատակով վրացական շարք մը դրամատուներ երեք ամիսով յետաձգեցին վարկերու մարումը։ Հայկական զբօսաշրջութեան, պանդոկներու վերաբերող ընկերութիւնները լուրջ ֆինանսական հարցեր ունին։ Չեն վաճառուիր ներգնայ եւ արտագնայ զբօսաշրջութեան փաթեթներ, կը նուազին բազմաթիւ աշխատատեղեր։ Ներկայիս նման աջակցութիւն մեր ընկերութիւններուն համար տեղին պիտի ըլլայ։
«Յիշեցնեմ, որ Հայաստանի ՀՆԱի մօտ 4.4 տոկոսը ապահովում է զբօսաշրջութիւնը։ Հետեւաբար, առաջարկում եմ ՀՀ կառավարութեանը, Կենտրոնական բանկին եւ բանկերի միութեանը քննարկել եւ յետաձգել 3-6 ամսով վարկերի մարումը։ Միաժամանակ անհրաժեշտ է մտածել այլ քայլերի մասին», նշեց Պարսեան։