ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- 13 Մարտին, կէսօրուան ժամը 12-12:30ին, Իջեւանի ուղղութեամբ հակառակորդը գնդացիրով կրակ բացաւ հայկական մարտական դիրքերուն ուղղութեամբ՝ խախտելով զինադադարի պահպանման դրութիւնը: Կրակոցներուն հետեւանքով որեւէ վնաս չէ արձանագրուած եւ տուժողներ չկան։
«Սփութնիք Արմէնիա»ին այս մասին յայտնեց պաշտպանութեան նախարարի մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան: Ան հաստատեց, որ իրականութեան չեն համապատասխաներ ատրպէյճանական կողմի տարածած այն լուրերը, թէ հայկական զինուժը կրակ բացած է Ատրպէյճանի Ապասպէյլի գիւղին ուղղութեամբ:
Ստեփանեանի համաձայն՝ հակառակորդին կրակոցները լռեցին հայկական կողմին պատասխան կրակոցներէն ետք: