ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան Ֆրանսիս պապին ընտրուելու տարեդարձին առթիւ շնորհաւորական ուղերձ յղեց անոր։
Նախագահ Արմէն Սարգսեան նաեւ նշեց, որ հայերուն կապերը եւ առնչութիւնները Վատիկանի հետ ունին հազարամեակներու պատմութիւն, իսկ ներկայիս Հայաստան-Վատիկան միջպետական յարաբերութիւնները կը շարունակուին ներդաշնակօրէն զարգանալ: Նախագահ Սարգսեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց աշխարհի մէջ խաղաղութեան, արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան հաստատման, Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սուրբ Աթոռ միջպետական յարաբերութիւններու հզօրացման առումով Պապին անվերապահ դիրքորոշման համար:
Նախագահ Սարգսեան Ֆրանսիս պապին մաղթեց քաջառողջութիւն, յաջողութիւն եւ կորով՝ երկար տարիներ առաջնորդելու Տիեզերական եկեղեցւոյ նուիրական առաքելութիւնը։