
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի տարեկան կալա ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «110 Տարիներ Ուժեղ» թեմայով՝ Կլենտէյլի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ առաւել քան 500 հիւրերու:
Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Հիւսիւսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչը՝ Մանուկ Ա. քհնյ. Մարգարեան, Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիէն վերապատուելի Հենրիկ Շահնազարեան եւ վերապատուելի Սերոբ Մկրտիչեան, Լոս Անճելըի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ Արամ Գալուստեան եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Կարօ Իսբէնճեան եւ անդամներ, Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան եւ անդամներ Մարալ Մաթոսեան եւ Արուս Մելքոնեան, քոնկրեսական Էտըմ Շիֆ, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինօ, Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանի անդամ Լորա Ֆրիտմըն, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Քեթրին Պարկըրի ներկայացուցիչի գլխաւոր տեղակալ Աննա Մուրատեան, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան եւ քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներ, ինչպէս նաեւ Շրջանայինի եւ տեղական վարչութիւններու ու քոյր կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ անդամներ:
Կալան ընթացք առաւ ընդունելութեամբ երեկոյեան ժամը 6ին. ընթացքին ներկաները մասնակցեցան լուռ աճուրդի Մայքըլ Արամի կտորներուն համար, տրամադրուած՝ Le Papillon-ի՝ Նազ Աթիկեանի կողմէն: Պաշտօնական յայտագիրը սկսաւ երեկոյեան ժամը 8ին: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ յանձնախումբի ատենապետ Վիքի Մարաշլեան, որ ողջունեց հիւրերը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց աջակցողներուն եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, կալային հսկայական աջակցութիւն ցուցաբերելու իրենց ջանքերուն համար:
Այնուհետեւ Մարաշլեան ներկայացուց ձեռնարկին հանդիսավարը՝ դոկտ. Ալինա Դորեանը, Ռոզ եւ Ալեքս Փիլիպոս Ազգային վարժարանի ղեկավարը: Դոկտ. Դորեան իր խօսքին մէջ շեշտը դրաւ նուիրուածութեան եւ քաջութեան առանձնայատկութիւններուն վրայ, որոնք երկուքն ալ ներդրուած են Հայ Օգնութեան Միութեան աշխատանքին: Ապա ան, հիւրերուն ներկայացուց սոփրանօ Ռիմա Կարապետեանը, եւ պաշտօնապէս մեկնարկեց կալան՝ ամերիկեան, հայկական օրհներգներուն եւ ՀՕՄի քայլերգին կատարողութեամբ: Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան կատարեց աղօթքը եւ փոխանցեց շնորհաւորական իր խօսքը կազմակերպութեան:
Գնահատագիրներ ներկայացուեցան Փորթանթինոյի, Ֆրիտմընի եւ Պարկըրի կողմէ, որոնք եղած են Հայ Օգնութեան Միութեան երկարամեայ ջատագովները:
Ընթրիքին ընթացքին ներկաները վայելեցին դիմակահանդէսային պարը՝ Grand Stage պարի համոյթին կատարողութեամբ: Ցուցադրուեցան տեսերիզներ, որոնց մէջ կը ներկայացուէին նշանակալի իրադարձութիւնները ՀՕՄի ամբողջ 110 տարիներու տքնաջան աշխատանքները եւ ՀՕՄի Արեւմտեան շրջանի գործունէութիւնը:
ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Սիլվա Փօլատեան: Փօլատեան կարեւոր նկատեց կազմակերպութեան 110 տարիներու ծառայութիւնը հայ ժողովուրդին եւ հաստատեց. «Շնորհիւ կամաւոր եւ նուիրուած անդամներու եւ առատաձեռն նուիրատուներուն մեր կազմակերպութիւնը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար», խորիմաստ կարգախօսով»:
Այնուհետեւ, Փօլատեան բեմ հրաւիրեց Հայկուշ Գեղինեան Քոհլըրին՝ գնահատելու իր մեծահոգի եւ առատաձեռն նուիրատուութեան համար՝ իբրեւ կալայի գլխաւոր հովանաւորը: Հայկուշ Գեղինեան Քոհլըր շնորհակալութիւն յայտնեց գնահատման համար, ապա յայտարարեց, թէ կ՛աւելցնէ նուիրատութիւնը, ի պատիւ իր թոռնիկներուն:
ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ դոկտ. Նայիրի Տէրտէրեան իր խօսքը փոխանցեց եւ անդրադարձաւ կազմակերպութեան 110ամեակին: Դոկտ. Տէրտէրեան ըսաւ. «ՀՕՄը անընդհատ զարգացաւ եւ ուժեղ դարձաւ իւրաքանչիւր շրջադարձային պահուն, առանց յոյսը կորսնցնելու, յոյս մը, որ անկոտրում է եւ կը նորոգուի իւրաքանչիւր սերունդի հետ»:
Յայտագիրը եզրափակուեցաւ մոմավառութեան աւանդական արարողութեամբ. 96 մոմավառներ՝ (ներառեալ հովանաւորները), ընդգրկելով նուիրատուները, ՀՕՄի մասնաճիւղերն ու անդամները:
Տօնախմբութիւնը շարունակուեցաւ զուարճալի ժամանցով Project One նուագախումբին նուագակցութեամբ. ներկաները պարեցին եւ ճեմասրահին մէջ մասնակցեցան լուռ աճուրդին:
ՀՕՄի կալան տարեկան գլխաւոր հանգանակային ձեռնարկն է, որ կը նպաստէ շրջանի բազմաթիւ ծրագիրներուն եւ ծառայութիւններ կը մատուցէ մարդասիրական, կրթական, ընկերային եւ մշակութային ոլորտներուն մէջ:
ՀՕՄի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ ՀՕՄի 2020ի Կալայի իր գլխաւոր հովանաւորին՝ Հայկուշ Գեղինեան Քոհլըրին, ինչպէս նաեւ բոլոր հովանաւորներուն, նուիրատուներուն, մոմավառներուն, ՀՕՄի մասնաճիւղերուն, անդամներուն եւ աջակցողներուն, որոնք իրենց ներդրումը ունեցան ձեռնարկին յաջողութեան եւ շրջանի ծրագիրներուն յառաջընթացին մէջ:
ՀՕՄի Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Անիկա 24 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է, չորս նահանգներու մէջ գործող առաւել քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, Հոգեբանական կեդրոն, 17 միօրեայ վարժարաններ, կը հովանաւորէ զանազան պատանեկան-երիտասարդական ծրագիրներ, կը տրամադրէ կրթական եւ այլ նպաստներ:
Մանրամասնութիւններու համար հաճեցէք այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը կամ հեռաձայնեցէք (818) 500-1343 թիւին: