ԹԵՀՐԱՆ․- Քաթար «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի ծիրին մէջ Իրանին տրամադրած է վեց թոն բժշկական դիմակ եւ սաքրաւորումներ, հաղորդեց Քաթարի լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իրանի մէջ Քաթարի դեսպանատան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Քուէյթ որոշած է Թեհրանի տրամադրել տասը միլիոն տոլար` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի իբրեւ օգնութիւն:
Քուէյթ Իրանին այս մասին յայտնած է երկու երկիրներուն արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ նշեալ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին քննարկած է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի կարելիութիւնները: Զարիֆ իր պաշտօնակիցին յայտնած է, թէ ժահրին դէմ պայքարը կը նկատուի միջազգային խնդիր եւ շրջանային ու միջազգային գործակցութեան կը կարօտի: Զարիֆ անգամ մը եւս դատապարտած է Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները եւ Քուէյթին կոչ ուղղած` մասնակցելու զանոնք վերցնելու միջազգային արշաւի մը:
Նշենք, որ Քուէյթ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին համար նաեւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան 40 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն մը կատարեց:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց, որ Մոսկուա մարդասիրական օժանդակութիւններ կ՛ուղարկէ Իրան` պայքարելու համար «Քորոնա» ժահրին դէմ, եւ աշխատանք կը տարուի յաւելեալ օժանդակութիւն տրամադրելու:
Մարտ 18ի տուեալներով, Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը անցաւ 17,000ի սահմանէն, իսկ մահերուն թիւը` 1100ի: