ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ 18 Մարտէն սկսեալ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ սահմանուած են որոշ բացառութիւններ՝ երկու երկիրներուն միջեւ տնտեսական նշանակութիւն ունեցող ապրանքներու փոխադրութեան նպատակով։
Մարդասիրական օգնութեան ծիրին մէջ փոխադրուող առարկաներու եւ սարքերու ընթացք տալու նպատակով, կառավարութեան 24 Փետրուար 2020ին տուած որոշումին մէջ կատարուեցան կարգ մը փոփոխութիւններ, որոնցմով կը թոյլատրուի որոշ ապրանքներու շրջանառութիւնը Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ:
Փոխադրութիւնը պիտի կատարուի «Մեղրի» անցումային կէտի վարչական շէնքին եւ կամուրջին միջեւ գտնուող տարածքին մէջ փոխաբեռնման միջոցով՝ Պետական եկամուտներու կոմիտէին, Հայաստանի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան հսկողութեան տակ:
Աւելի կանուխ արտօնուած էր բժշկական որոշ ապրանքներու փոխադրութիւնը, ինչպէս՝ շնչառական դիմակներ, պաշտպանիչ ակնոցներ, քիմիական պաշտպանութեան մէկ անգամ օգտագործուղ սարքեր, վիրահատական ձեռնոցներ, զգեստներ եւ այլն։