ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշումով՝ հաստատուեցաւ «Հակակոռուպցիոն (զեղծարարութեան դէմ-Խմբ.) քաղաքականութեան խորհուրդ»ի անհատական կազմը: Խորհուրդի նախագահն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ոլորտը համակարգողը՝ փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը:
Խորհուրդի կազմին մէջ են նաեւ վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Էդուարդ Աղաջանեան, արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան, Բարձրագոյն դատական խորհուրդի նախագահ Ռուբէն Վարդազարեան, Վճռաբեկ դատարանի նախագահ Երուանդ Խունդկարեան, Գլխաւոր դատախազ Արթուր Դաւթեան, Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովի նախագահ Հայկուհի Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Վլատիմիր Վարդանեան, Նայիրա Զօհրապեան, Լիլիթ Մակունց, Շաքէ Իսայեան եւ Անի Սամսոնեան:
Խորհուրդի կազմին մէջ են նաեւ «Իրազեկ քաղաքացիների միաւորում» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Դանիէլ Իոաննիսեան, «Ինֆորմացիայի ազատութեան կենտրոն»ի նախագահ Շուշան Դոյդոյեան եւ «Հետաքննող լրագրողներ» կազմակերպութեան կողմէ Անի Յովհաննիսեան: