ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Հայաստանի կառավարութեան 19 Մարտի նիստին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով երկրին պարէնային ապահովուածութեան հարցին՝ ըսաւ, որ Հայաստան ուտելիքի բաւական լաւ պաշարներ ունի, եւ ներկայացուց իր տրամադրութեան տակ գտնուող տուեալները։
«Սա վկայում է, որ մենք սննդի բաւական լաւ պաշարներ ունենք։ Օրինակ՝ շաքարաւազ՝ 201 օրուայ պաշար ունենք, երէկ չէ առաջին օրուայ դրութեամբ։ Հաւի միս՝ 64 օրուայ պաշար ունենք, ձէթ՝ 38 օրուայ պաշար ունենք», տեղեկացուց ան։
Ըստ վարչապետին՝ ապրանքներու դէպի Հայաստան ներածումը կը շարունակուի։ «Իմ ձեռքի տակ տեղականք է, որ միայն ամսի 18ին 38 բեռնատար սննդամթերք է մուտք գործել Հայաստան, այդ թւում՝ ձէթ՝ 18 տոննա, շաքար՝ 220 տոննա, ցորեն՝ 145 տոննա, հրուշակեղէն՝ 15 տոննա, սիսեռ՝ 20 տոննա, եւ այդպէս շարունակ», նշեց կառավարութեան ղեկավարը։
Ան աւելցուց, որ երկիրը լաւապէս ապահովուած է նաեւ վառելանիւթով, որ իր կարգին կը ներածուի։
Տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան պետական յանձնաժողովի նախագահ Գեղամ Գէորգեան իր կարgին զեկուցեց, որ առնուազն 3 ամսուան պենզինի պաշար կայ երկրին մէջ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նաեւ դիտել տուաւ, որ «Քորոնա» ժահրին համաշխարհային տարածման լոյսին տակ, «մենք պէտք է գտնենք ոչ միայն գոյատեւելու, այլ նաեւ մինչ այդ աշխատելու, զարգանալու, նոր աշխարհ կառուցելու միջոցներ»:
«Երէկ ասում էինք, որ կորոնավիրուսից յետոյ կեանք կայ, բայց ես ուզում եմ վերաձեւակերպել ու ասել, որ կորոնավիրուսի ժամանակ նոյնպէս կեանք կայ, որովհետեւ ոչ ոք չգիտի, թէ այս իրավիճակը որքան կը տեւի: Սա չի նշանակում, եթէ ասենք 6-7 ամիս տեւեց, ուրեմն 7 ամիս ոչ ոք տնից չպէտք է դուրս գայ: Հետեւաբար, մենք պէտք է գտնենք ոչ միայն գոյատեւելու, այլեւ այս ընթացքում աշխատելու, զարգանալու, նոր աշխարհ կառուցելու միջոց», դիտել տուաւ Նիկոլ Փաշինեան:
Ան նկատել տուաւ, որ համաճարակը ինչպէս անսպասելիօրէն եկաւ, այդպէս ալ վերջ պիտի ունենայ, բայց մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք առերեսուելու: Ըստ վարչապետին՝ Հայաստան ամէնէն քիչ խուճապ ապրած երկիրներէն է, որուն համար Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց հանրութեան: «Մենք պէտք է մեր բնականոն կեանքով ապրենք», ընդգծեց ան: