ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը կը տեղեկանցէ, թէ այս օրերուն, երբ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին հետեւանքով արտակարգ դրութիւն հաստատուած է նաեւ Հայաստանի մէջ, հիմնարկութեան հովանաւորութիւնը վայելող ուսանողները սկսած են գործնականապէս մասնակցիլ ժահրին տարածումը զսպելու պայքարին:
Արդարեւ, Երեւանի Պետական համալսարանի ուսանող Շուշան Ամազարեան, խումբ մը այլ համալսարանականներու հետ՝ սկսած է կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրել մայքաղաքի հիւանդանոցներուն մէջ:
Իր կարգին, Թամարիկ Ալիքեան սկսած է ժահրին տարածումը զսպելու նպատակով, յատուկ դիմակներ պատրաստել իր դրացիներուն հետ, զանոնք ձրիաբար բաժնելով տարեցներուն, որոնք այս հիւանդութենէն ամէնէն խոցելի տարրերն են ընկերութեան մէջ:
Նաեւ, Անդրանիկ Յարոյեան եւ Մերի Մարանդեան կամաւոր սպասարկութիւններ սկսած են մատուցել առողջապահութեան նախարարութեան միջոցաւ: