ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի ատենապետ Քեթրին Պարկըր 20 Մարտին ստորգրեց «Քորոնա» ժահրին ստեղծած կացութեան պատճառով տնտեսական դժուարութիւններ դիմագրաւող գաւառին բնակարաններու եւ խանութներու վարձակալներուն արտաքսումը սառեցնող հրամանագիրը, որ ի զօրու պիտի մնայ առնուազն մինչեւ 31 Մայիս։
Հրահանգը լիզօրուած է նահանգին եւ գաւառին տարածքին հռչակուած արտակարգ դրութեան պայմաններով։