ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի Հանրային ընկերային սպասարկութիւններու բաժանմունքը (Department of Public Social Services, DPSS) կը տեղեկացնէ, որ «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով բնականոն կեանքի խանգարումը պատճառ պիտի չդառնայ ընկերային նպաստներուն կասեցման։ Անոնք, ներառեալ՝ Medi-Cal-ը, CalFresh-ը, CalWORKs-ը եւ General Relief –ը պիտի շարունակուին առնուազն մինչեւ Մայիս ամսուան աւարտը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.