Քալիֆորնիա, Ուաշինկթըն Եւ Նիւ Եորք Աղէտի Գօտի Հռչակուեցան
ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԾՐԱՐԸ՝ ՏԵՂՔԱՅԼԻ ՄԷՋ
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Պի․Պի․Սի».- Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւնները 22 Մարտին, «Քորոնա» ժահրէն յատկանշական վնասներ կրած Քալիֆորնիա, Ուաշինկթըն եւ Նիւ Եորք նահանգները աղէտի գօտի հռչակեցին, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ արագացնել առողջապահական օժանդակութիւններու առաքումը, ինչպէս նաեւ կարելի պիտի ըլլայ ազգային պահակագունդէն ջոկատներ հաստատել նահանգներուն տարածքին։
Ազգային պահակագունդը ախտաճանաչման եւ դարմանումի ժամանակաւոր կեդրոններ պիտի հաստատէ նահագներուն մէջ, ինչպէս նաեւ պիտի պարտադրէ միայն կենսական պարտանդրանքներով տունէն դուրս ելլելու՝ նահագներուն արձակած հրահանգները։
Քոնկրեսին մէջ, Ծերակոյտը տակաւին չկրցաւ համաձայնութիւն գոյացնել քաղաքացիներուն եւ տնտեսութեան աջակցելու ծրարի մը շուրջ, որովհետեւ դեմոկրատները անբաւարար կը համարեն աշխատաւոր դասակարգին խոստացուող աջակցութիւնը՝ պնդելով, որ հսկայ ընկերութիւններուն անտեղի կերպով յաւելեալ գումարներ կը տրամադրուին նոյն ծրարով։
Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ անմիջական քայլերու դիմելու առաջարկներուն ընդդիմացած հանրապետականները ժամանակաւորապէս կորսնցուցած են Ծերակոյին մէջ իրենց մեծամասնութիւնը, որովհետեւ 5 հանրապետականներ մեկուսացուած են «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալու կասկածներով։ Կիրակի օր հաստատուեցաւ, որ անոնցմէ մէկը` Ռենտ Փօլ, որ ընդդիմացած էր «Քորոնա» ժահրէն տուժածներուն աջակցելու քոնկրեսական առաջին ծրարին, վարակուած է «Քորոնա» ժահրով։
Աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով մահացածներուն թիւը անցաւ 15,000ի սահմանը, մինչ վարակուածներունը՝ 351,000ը։
Յաջորդական օրերու ընթացքին մահերու մրցանիշներ հաստատած Իտալիոյ մէջ, Կիրակի օր 651 զոհեր աձանագրուեցան, Շաբաթ օրուան 793ին փոխարէն, միւս կողմէ, Ռուսիա աջակցութիւն ուղարկեց Իտալիոյ։
Նշենք, որ Սուրիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը 22 Մարտին հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուած առաջին պարագան հաստատուեցաւ։ Վարակուողը օտար երկրէ մը Սուրիա ժամանած երիտասարդուհի մըն է։