ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Հայաստանի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութեան պայմաններուն մէջ, քաղաքացիներուն եւ երկրին օգտակար ըլլալու նպատակով, ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան անդամները եւս դիմեցին նախաձեռնութեան։
Արդարեւ, անոնք յատուկ դեղերով կը հականեխեն հանրակառքեր, կանգառներ, «Թաքսի»ներ, մարդոց կը բաժնեն ձեռնոցներ, դիմակներ՝ «Քորոնա» ժահրին դէմ առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանուելու համար։
Ըստ միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Հռիփսիմէ Արշակեանի՝ այս օրերուն, առաւել քան երբեք, կարիքը կայ քաղաքական տարբեր հայեացքներու տէր, ընդդիմադիր կամ իշխանական ուժերու մէկտեղման։
«Բնականաբար՝ սա նաեւ ինչ-որ տեղ օժանդակութիւն է պետական միջոցառումներին, հակահամաճարակային այն ծրագրերին, որոնք իրականացնում է առողջապահութեան նախարարութիւնը, արտակարգ իրադրութեան պայմաններում՝ պարէտատունը եւ այլոք», յայտնեց ան՝ աւելցնելով, որ իրենք այս օրերուն բարոյապէս անթոյլատրելի կը համարեն քաղաքական դրդապատճառներէ մեկնած հակադրուիլը եւ մէկ կողմ քաշուիլը։
Հասարակութեան արձագանգէն շատ գոհ են ուսանողական միութեան անդամները, որովհետեւ մարդիկ ոչ միայն չափազանց դրական կերպովկ՛ընդունին, այլեւ շատերուն կողմէ կը լսուին երախտագիտութեան խօսքեր: «Անգամ մարդիկ կան, որոնք հեռուից իրենք են մօտենում, խնդրում պարագաներ կամ ախտահանել իր մեքենան, գրասենեակի կամ խանութի դրան բռնակները եւ այլն: Այսինքն՝ մարդիկ կարիք ունեն նման ծրագրերի եւ աջակցութեան, եւ, կարծում ենք, պետական օղակները եւս պէտք է նկատի առնեն այս ամէնը», եզրափակեց ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Ուսանողական Միութեան վարչութեան ներկայացուցիչը: