ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառը կը տեղեկացնէ, թէ «Քորոնա» ժահրին պատճառով, Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը որոշած է անցեալի աղէտերէն ետք Փոքր ծաւալի գործարարութեան վարչութենէն (SBA) վարկեր ստացողնրուն վճարումները յետաձգել մինչեւ 31 Դեկտեմբեր ։
Յետաձգումին համար յատուկ դիմումներ ներակայացնելու կարիքը չկայ։
Յիշեցնենք, որ Փոքր ծաւալի գործարարութեան վարչութիւնը յարմար պայմաններով վարկեր սկսած է տրամադրել «Քորոնա» ժահրէն վնասներ կրած փոքր ծաւալի գործարարութիւն կատարողներուն։ Այս վարկերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար դիմել (800) 659-2955 թիւին, disastercustomerservice@sba.gov հասցէին կամ այցելել disasterloan.sba.gov/ela կայքէջը։ Դիմումները պիտի ընդունուին մնչեւ 16 Դեկտեմբեր 2020։