ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Մարտին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։
Հանդիպման, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեան, քննարկուեցան անվտանգութեան ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններուն փոխգործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար, զօր. Ջալալ Յարութիւնեան եւս հանդիպում ունեցաւ Արմէն Գրիգորեանի հետ։ Բանակին հրամանատարը ներկայացուց արցախեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ տիրող իրադրութիւնը, անդրադարձ կատարուեցաւ հայկական երկու պետութիւններուն անվտանգութեան եւ պաշտպանական ոլորտին մէջ իրականացուող միացեալ քայլերուն։