ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ ՔԱՂԱՔԸ ՁՐԻ ՔՆՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ԿԸ ՏՐԱՄԱԴՐԷ
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները 6 Ապրիլին յայտարարեցին փոքր ծաւալի գործարարներու օժանդակելու յատուկ հիմնադրամ մը հաստատելու որոշումը;
500,000 տոլարի հիմնադրամէն մինչեւ 10,000 տոլարի նպաստներ պիտի տրամադրուին «Քորոնա» ժահրին յառաջացուցած տնտեսական տագնապէն տուժած գործարարներու։
Դիմումները պիտի սկսին ընդունուիլ 8 Ապրիլին, առաւօտեան ժամը 8էն սկսեալ, workforce.lacounty.gov կայքին միջոցաւ։
Միւս կողմէ, Լոս Անճելըս գաւառի ուտեստեղէնի նպաստի՝ CalFresh ծրագիրին մասնակցողները 12 Ապրիլին (Մարտ ամսուան համար) եւ 10 Մայիսին (Ապրիլ ամսուան համար) յաւելալ նպաստ պիտի ստանան։
Նաեւ, Լոս Անճելըս քաղաքի իշխանութիւնները «Քորոնա» ժահրի ձրի քննութիւններու կեդրոններ հաստատած են։ Արձանագրուելու համար այցելել https://lacovidprod.service-now.com/rrs կայքէջը։
6 Ապրիլի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին, «Քորոնա» ժահրով վարակուած 15 քաղաքայիններ եւս մահացած են եւ արձանագրուած են վարակման 420 նոր պարագաներ, ինչ որ 243ով նուազ էր մէկ օր առաջուան տուեալէն։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 6360 վարակումներ եւ 147 մահեր։