ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Կազմակերպութեամբ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան, Չորեքշաբթի, 8 Ապրիլին, երեկոյեան ժամը 7։30էն 9, համացանցային «Զում» հարթակին միջոցաւ, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին ստեղծած հոգեբանական հարցերուն նուիրուած հանրային քննարկում մը տեղի պիտի ունենայ։ Քննարկումը պիտի առաջնորդէ հոգեբան Միշէլ Շահպազեան։
Քննարկումին մասնակցելու համար այցելել https://zoom.us/j/358425333?pwd=UmkvcEU3YllPdnJuRm5ubDFFRnlmQT09 կայքէջը (Meeting ID: 358 425 333, Password: 035808) ։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել https://www.facebook.com/events/2993925257333995/ կայքէջը։