ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ․Փի․»․- Աշխարհի տարածքին, 6 Ապրիլին, Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու մահուան ամէնէն շատ պարագաները արձանագրուեցան ՝ 1264, մահերու ընդհանուր թիւը հասցնելով 11,008ի։
Եւրոպայի մէջ, Ֆրանսա արձանագրեց մէկ օրուան մէջ մահերու իր մեծագոյն թիւը՝ 833, զոհերու ընդհանուր թիւը հասցնելով 9000ի։
Սակայն, վարակումներու նոր պարագաները նկատի առնելով, աշխարհի տարածքին նկատելի են դրական որոշ փոփոխութիւններ: Ժահրին տարածման արագութիւնը սկսած է դանդաղիլ, նախորդ շաբաթներուն հետ համեմատած:
Ցարդ ժահրէն մեծապէս տուժած եւրոպական երկրներուն՝ Իտալիոյ, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ, նոր վարակուողներուն համեմատութիւնը կը նուազի:
Վարակիչ հիւանդութիւններու գերմանական «Քոխ» հիմնարկը հաղորդեց, որ Գերմանիոյ մէջ եւս չորրորդ օրն ըլլալով «Քորոնա» ժահրով վարակման թիւի անկում արձանագրուած է: Նախորդող 24 ժամերուն ընթացքին, երկրին մէջ վարակուած են 3677 անձեր. Կիրակի օր այդ թիւը 5936 էր: Վարակուածներուն ընդհանուր թիւը հասած է 104,199ի, իսկ մահացածներունը՝ 1854ի:
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի տագնապը մեծագոյն մարտահրաւէրն է, զոր Եւրոպական Միութիւնը կը դիմագրաւէ իր հիմնադրութենէն ի վեր:
Իրանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 62,600ի, իսկ մահացածներունը՝ 3872ի:
Թուրքիոյ մէջ վարակումներու պարագաները հասան 30,217ի, իսկ մահերունը՝ 649ի:
Իսրայէլի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 9001ի, իսկ մահացածներունը՝ 60ի:
Ըստ Ատրպէյճանի կառավարութեան՝ երկրին մէջ կան 717 վարակակիրներ եւ ցարդ մահացած են 8 անձեր։ Վրաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 195ի: Հոն ցարդ մէկ անձ մահացած է։
Ռուսիոյ մէջ կան 7500 վարակուածներ եւ մահացած են 58 անձեր:
7 Ապրիլի դրութեամբ՝ ամբողջ աշխարհի մէջ հաստատուած են 1.4 միլիոն վարակումներ, որոնցմէ մօտաւորապէս 295,000ը բուժուած են, իսկ 77,000ը մահացած են:
Նիւ Եորք կը շարունակէ մնալ ծագոյն վնասը կրած ամերիկեան քաղաքը եւ ամերիկեան ռազմական բժշկական խումբ մը միացած է հիւանդաները խնամելու պայքարին։ Նաեւ, անցեալ շաբաթ, Նիւ Եորք հասած հիւանդանոց-նաւը, որ ժամանած էր «Քորոնա» ժահրով
չվարակուած հիւանդներ խնամելու համար, կրնայ սկսիլ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ խնամել։
Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուելով՝ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, այժմ կը գտնուի խիստ հսկողութեան տակ, սակայն ցարդ կարիքը չունի արհեստական շնչառութեան սարքի օժանդակութեան: