ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա»․- Մոսկուայի մէջ, «Քորոնա» համաճարակին զոհ գնաց ճանչցուած բնագէտ եւ գիտութիւններու դոկտոր փրոֆ․ Միշիկ Ղազարեան:
Մարտին, ան իր կնոջ հետ տեղափոխուած էր վարակուած հիւանդներու համար կառուցուած առողջապահական կենդրոնը, երբ անոնց մօտ ախտորոշուած էր ժահրը։ 27 Մարտին մահացաւ գիտնականին կինը, իսկ 5 Ապրիլիին կեանքէն հեռացաւ ինք՝ բնագէտը: