ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Սերժ Սարգսեան 16 Ապրիլին պիտի մասնակցի Հայաստանի Ազգային ժողովի յատուկ յանձնաժողովի լսումներուն։ Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի նախկին նախագահին գրասենեակը:
Սերժ Սարգսեան հրաւիրուած էր 2016ի ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները ուսումնասիրող խորհրդարանական քննիչ յանձնաժողով, զոր կը ղեկավարէ «Իմ Քայլը» կուսակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեան։
Սերժ Սարգսեանի գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ թէեւ նախկին նախագահը որեւէ օրէնքով պարտաւորութիւն չունի յանձնաժողովի լսումներուն ներկայանալու, սակայն Սերժ Սարգսեան հառց չունի մանրամասնութիւններ ներկայացնելու Ատրպէյճանի կողմէ 2016ին սանձազերծուած ապրիլեան ռազմական յարձակումին մասին:
«Թէեւ տարակուսելի է, որ համավարակի հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակում Ազգային ժողովի յանձնաժողովը որոշել է նիստ անցկացնել, այնուամենայնիւ, Հայաստանի կառավարութեան կողմից արտակարգ դրութեան ժամկէտի երկարաձգման որոշում չկայացնելու դէպքում Հայաստանի երրորդ նախագահը պատրաստ է Ապրիլի 16ին, ժամը 14:00ին այցելել յանձնաժողով», կը յայտնեն գրասենեակէն։