ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի կառավարութեան կողմէ 3 Ապրիլին ընդունուեցաւ «Արտակարգ դրութիւն յայտարարելու մասին» որոշման մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին որոշում մը, որուն համաձայն արգիլուեցաւ սահմանային անցակէտերով օտարներուն մուտքը Հայաստան` անկախ ժամանման վայրէն:
Այս մասին հաղորդեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան լրատուութեան եւ հանրային դիւանագիտութեան վարչութիւնը:
Փոփոխութիւնը կատարուեցաւ` նկատի ունենալով այն, որ «Քորոնա» ժահրի աշխարհագրական տարածումը այլեւս չի սահմանափակուիր համաճարակաբանական լարուած իրավիճակ ունեցող երկիրներով, այլ կը ներառէ աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրները:
Ըստ վերոնշեալ որոշման` իւրաքանչիւր անձի, որ չի հանդիսանար Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի կամ քաղաքացիի ընտանիքի անդամ, ինչպէս նաեւ չունի Հայաստանի տարածքին մէջ օրինական հիմքով բնակելու իրաւունք, կ՛արգիլուի Հայաստանի սահմանային անցակէտերով մուտք գործել երկրին տարածքը` արտակարգ դրութեան ամբողջ ժամանակաշրջանին:
Բացառութիւն կը կազմեն օտար պետութիւններու դիւանագիտական ներկայացուցիչները, հիւպատոսական հիմնարկներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ անոնց ընտանիքի անդամները, ինչպէս նաեւ Պարէտի որոշումներով մուտքի իրաւունք ունեցող կամ անոր կողմէ առանձնայատուկ պարագաներու թոյլտուութիւն ստացած անձեր: