ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ․- Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի 7 Ապրիլի յետմիջօրէին, ստորագրեց հրահանգ մը, որ կը պահանջէ կենսական սպասարկութիւններ տրամադրող աշխատաւորներէն, ինչպէս՝ նպարատուներու գործաւորներէն միշտ դիմակներ կրել «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու նպատակով։
Օրէնքը, որ նաեւ կը պահանջէ գործատէրներէն նման դիմակներ հայթայթեն նշեալ աշխատաւորներուն, ի զօրու պիտի դառնայ 10 Ապրիլին։ Նոյնը կը պահանջուի նման հաստատութիւններ յաճախողներէն։
Քաղաքապետը նաեւ յիշեցուց բոլոր քաղաքացիներուն, որ միայն կենսական նպատակներով պէտք է դուրս գալ բնակարաններէն, «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպելու համար եւ այդ ալ՝ դիմակներով միայն։ Ան նաեւ արտօնութիւն կու տայ հաստատութիւներուն, որ սպասարկութիւններ չտրամադրեն բոլոր անոնց, որոնք դիմակներ չեն կրեր։
Միւս կողմէ, 7 Ապրիլի յետմիջօրէին, Լոս Անճելըս գաւառի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ նախորդ 24 ժամերուն ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուած 22 քաղաքայիններ եւս մահացած են եւ արձանագրուած են վարակման 550 նոր պարագաներ, ինչ որ 130ով աւելի էր մէկ օր առաջուան տուեալէն։ Ցարդ Լոս Անճելըս գաւառի տարածքին արձանագրուած են 6910 վարակումներ եւ 169 մահեր։ Քննուած են աւելի քան 35,000 քաղաքացիներ։