ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Սի.Էն.Էն.»․- Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, որ «Covid-19» տեսակի «Քորոնա» ժահրին տարածումը զսպել յուսալով, Մեսեչուսեց հաստատուած «Մոտերնա Թերափիութիքս» ընկերութիւնը, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ (42 օր) հնարած էր պատուաստ մը, օգտագործելով ծինային արդիական միջոցներ, Մարտի կիսուն սկսած էր մարդոց վրայ փորձարկումներու, համագործակցելով Միացեալ Նահանգներու դաշնակցային իշխանութիւններուն հետ:
«Մոտերնա» ընկերութեան համահիմնադիրը եւ տնօրէնը ամերիկահայ Նուպար Աֆէյեանն է:
7 Ապրիլին հաղորդուեցաւ, որ այլ ընկերութեան մը՝ «Ինովիօ»ի հնարած պատուաստին փորձարկումները եւս սկսած են կատարուիլ մարդոց վրայ, Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ։
«Կէյց» բարեսիրական հիմնարկութիւնը «Ինովիօ»ի գլխաւոր հովանաւորներէն մէկն է։