ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ գործող Հայագիտական հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, 13 Ապրիլին, կ․ե․ ժամը 1էն սկսեալ, համացանցային «Զում» հարթակին միջոցաւ տեղի պիտի ունենայ Համիտեան ջարդերուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած համացանցային դասախօսութիւն մը։
Բանախօսն է պատմաբան դոկտ․ Մեհմետ Փոլաթել, որ ներկայիս յետ-դոկտորական ուսումնասիրութիւններու շրջան մը կ՛անցընէ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին մէջ, կեդրոնանալով համալսարանին «Շօա» հիմնարկութեան արխիւներուն մէջ գտնուող Ցեղասպանութեան ականատեսներու վկայութիւններուն վրայ։
Մասնակցութեան մանրամասնութիւններուն համար դիմել cagr@usc.edu հասցէին։