ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ հաստատուած պարագաներուն ընդհանուր թիւը, 10 Ապրիլի դրութեամբ, 937 է՝ 16 նոր պարագաներով: Ապաքինած են 24 անձեր՝ բուժուածներուն թիւը հասցնելով 138ի: Մահացողներուն թիւը հասած է 11ի։
Հայաստանի Առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի կայքէն կը տեղեկանանք, որ կատարուած 5144 քննութիւններ բացասական արդիւնք տուած է։
Ապաքինածներուն թիւը աւելցած է 11ով եւ բուժուածներուն գումարային թիւը դարձած է 149: Այս պահուն բուժում կը ստանան 777 հիւանդներ: